2013-01-21 13:45:28

Մամլոյ Ասուլիս Ներկայացնելու` ''Կանոնագիրքը։ Տիեզերական Ժողովէն Պահանջուած Բարենորոգում'' Վերտառութեամբ Ուսումնաժողովը։


Երեքշաբթի 22 Յունուարի առաւօտեան ժամը 11,30 Վատիկանի մամլոյ գրասենաեկի ՅՊԲ անուան սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս մը որուն ընթացքին կը ներկայացուի ''Կանոնագիրքը։ Տիեզերական Ժողովէն պահանջուած բարենորոգում մը'' վերտառութեամբ ուսումնաժողովը որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 25 յունուարին Հռոմի Պիոս Ժ-րդ անուան սրահին մէջ եւ որ կազմակերպուած է Եկեղեցական Կանոնագիրգի հրատարակման 30րդ տարեդարձին առթիւ։
Մամլոյ ասուլիսը կը ներկայացնեն Կարդինալ ֆրանչէսքօ Գոքքոբալմիէրօ, Օրէնսդրական Բնագիրներու Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը, գերապայծառ Խուան Ինիացիօ Արրիէթա` վերոյիշեալ խորհուրդի քարտուղար եւ գերապայծառ Ճուզեփփէ Անթոնիօ Սգոթթի` Ժոզէֆ Րացինկէր - Պենետիկտոս ԺԶ Վատիկանեան Հիմնարկի նախագահը։








All the contents on this site are copyrighted ©.